Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Տարեկան Լիանիստ Ժողովը Նուիրուած` Նոր Սերունդին։
6 փերտուար 2013-ի յետ միջօրէի ժամը 5-ին` Հռոմի Լումսա Համալսարանի կեդրոնական դահլիճիՆ
մէջ տեղի կ՛ունենայ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի տարեկան լիանիստ ժողովի բացումը
որուն ընթացքին ողջոյնի խօսք կ՛ուղղեն Լումսա համալսարանի Րէկտոր` փրօֆ ճուզեփփէ Տալլա
Թորրէ եւ քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ` կարդինալ ճանֆրանքօ Ռավազի։ Յայտնենք
որ այս տարի Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովը նուիրուած է երիտասարդներու
ներկայ ապրած մշակոյթին։ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի յայտարարութեամբ` լիանիստ
ժողովի կետնապատակն է անսալ զանազան ցամաքամասերու մէջ ապրող նոր սերունդի երիտասարդներուն
պահանջներուն։ Երիտասարդութեան հարցերը գոյութիւն ունին նաեւ եկեղեցւոյ համար եւ
այս հարցը աւելիով կը շեշտուի հաւատքի փոխնացման դժուարութիւններու պատճառաւ։ Հարկ է
ուրեմն աւետարանացումի լաւ միջոցներ գտնել ու հարկաւոր է առ այդ յստակ տեսութիւն մը
ունենալ մեր մշակոյթին ու ընկերութեան ապրած յեղաշրջումներուն նկատմամբ։ Ունկնդրել նոր
սերունդը ու հասկնալ անոնց պահանջները չափահասներու ու քրիստոնեայ հասարակութեան համար
թանկագին առիթ մըն է։ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի լիանիստ ժողովը վերջ կը
գտնէ շաբաթ 9 փետրուարի կէսօրին։